2013-09-05 12:14:07

Յիսուսեան Միաբանութեան Մեծաւորը` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Եւ Կարտինալ Սանտրի, Հակառակ Են Օտար Ոյժերու Միջամտութեան Սուրիոյ մէջ։


Վատիկանի Օսսերվատորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Սանտրի` կառավարիչը արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին, խօսելով Սուրիոյ կացութեան մասին ըսաւ . ''դժբախտ'' ու ''անդարմանելի'' հետեւանքներ պիտի ունենայ եթէ օտար ոյժերը զինեալ միջամտութիւն կատարեն Սուրիոյ դէմ։ Հարկաւոր է ամենէն առաջ անսալ հրամայական ձայնը խիղճին։ Բռնութեան ու վրէժխնդրութեան տրամաբանութեամբ պէտք չենք մտածել , որովհետեւ անոր հետեւանքը պիտի ըլլայ ամբաստանութիւն, վրէժ, ատելութիւն ու անմեղներու սպաննութիւն։ Հոն ուր ոճիրներ գործադրուած են հարկաւոր է դիմել միջազգային ատեաններու, որոնց պաշտօնն է ստուգել, անյիշաչարօրէն դատել եւ ի հարկին դատապարտել։
Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդը իր կարգին կոչ ուղղած է քրիստոնեայ ընտանիքներուն որ, 7 սեպտեմբերին, ընթրիքի պահուն, աղօթք կատարեն Սուրիոյ ընտանիքներուն ու անոնց զաւակներուն համար։
Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը` հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս կը քննադատէ զէնքի գործածութիւնը Սուրիոյ դէմ, որակելով նման արարք մը որպէս ''անընդունելի'' եւ յետ քայլ մը դէպի բարբարոսութիւն։ Յիսուսեաններու Աբբահայրը նախազգուշացուց ամերկացիները ''մեծ սխալ մը'' գործելէ եւ ցաւ կը յայտնէ որ ֆրանսայի նման երկիր մը որ մեծապէս սատարած է քաղաքակրթութեան ու մշակոյթի, այսօր փորձուած է առաջնորդել մարդկութիւնը յետ քայլ մը կատարելու դէպի բարբարոսութիւն։
Հուսկ Հայր Նիքոլաս ըսաւ .կը գտնուինք մարդկայնական հարցի մը առջեւ եւ հարց կու տամ թէ ո՞վ հրաման կու տայ ԱՄՆին ու ֆրանսային նախայարձակում կատարելու ուրիշ պետութեան մը դէմ։







All the contents on this site are copyrighted ©.